Jump to content

Չեխիա

Բնակավայր
Չեխիա
չեխ․՝ Česko
Դրօշակ Զինանշան


Pravda vítězí.
Երկիր  Չեխիա
Ներքին բաժանում Փրակա, Կենտրոնաչեխական շրջան?, Հարավչեխական երկրամաս?, Պլզենի երկրամաս?, Կառլովի Վարիի երկրամաս?, Ուստեցկի տարածաշրջան?, Լիբերեցի երկրամաս?, Կրալովեգրադեցկի երկրամաս?, Պարդուբիցեի երկրամաս?, Վիսոչինի ծայրամաս?, Հարավային Մորավիայի շրջան?, Olomouc Region?, Moravian-Silesian Region? եւ Զլինի երկրամաս?
Prime Minister of the Czech Republic? Պետր Ֆիալա?
Օրէնսդրական մարմին Parliament of the Czech Republic?
Հիմնադրուած է՝ 1 Յունուար 1993
Առաջին յիշատակում 9 դար
Տարածութիւն 78 866 քմ²
ջրայինը 2 տոկոս
Պաշտօնական լեզու Չեխերէն
Բնակչութիւն 10 900 555 մարդ (1 Յունուար 2024)[1]
Կը գտնուի ափին Մորավա?, Thaya?, Olza?, Օդրա?, Opava? եւ Jizera?
Ժամային գօտի UTC+1
Շրջագայութեան պետ-համարագիր CZ
Անուանուած է Չեխ
Պաշտօնական կայքէջ czechia.eu(անգլերէն)

Չեխիա (չեխերէն՝ Česko), պաշտօնական անուանումը Չեխական Հանրապետութիւն (չեխերէն՝ Česká republika), համառօտ՝ ՉՀ (չեխերէն՝ ČR), պետութիւն Արեւելեան Եւրոպայի մէջ։ Հիւսիսէն՝ սահմանակէն է Լեհաստանի, հարաւէն՝ Աւստրիոյ, արեւելքէն՝ Սլովաքիոյ, իսկ արեւմուտքէն եւ հիւսիս-արեւմուտքէն՝ Գերմանիոյ։ Պրահան՝ Չեխիոյ Հանրապետութեան մայրաքաղաքը, կը հանդիսանայ երկիրին ամէնէն մեծ քաղաքը եւ Եւրոպայի գլխաւոր զբօսաշրջային տեսարժան վայրերէն մէկը։ Անիկա կառուցուած է Վլտավա գետին վրայ։ Պրահայի բնակչութիւնը 1 մլն-էն աւելի է։

Պետութիւնը յառաջացած է երկու պատմական շրջաններու՝ Մոռավիոյ եւ Պոհեմիոյ[2], ինչպէս նաեւ Սիլեզիոյ մէկ մասին միաւորման իբրեւ արդիւնք։ Չեխական հողերուն մասին առաջին յիշատակումները կը վերաբերին Ք.Ե. Թ. դարուն։ Այդ օրերուն, այդ հողերուն վրայ յառաջացած է առաջին միաւորուած պետութիւնը՝ Պրժեմիսլովիչներու թագաւորութեամբ։ Այդ պետութիւնը կը կոչուէր Պոհեմիական Թագաւորութիւն։ Անիկա բաւական հարուստ եւ հզօր էր, սակայն ԺԵ. եւ ԺԷ. դարերուն ծագած կրօնական հակամարտութիւններու հետեւանքով, անիկա անկում կ'ապրի։ Որոշ ժամանակ մը ետք բոլոր հողերը կ'անցնին Հապսպուրկներու ազդեցութեան տակ եւ կը մտնեն Աւստրօ-հունգարական կայսրութեան կազմին մէջ։

Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք՝ 1918-ին, Չեխիա, միաւորուելով Սլովաքիոյ եւ Անդրկարպատեան Ռուսիոյ հետ, կը հիմնէ նորանկախ Չեքոսլովաքիոյ հանրապետութիւն։ 1938-ին Միւնհենեան պայմանագիրով Սլովաքիա դուրս կու գայ Հանրապետութենէն, իսկ 1939-ին Գերմանիա կը գրաւէ ողջ Չեքոսլովաքիան, դարձնելով զայն Մոռավիոյ եւ Պոհեմիոյ ենթակայ։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին Գերմանիոյ պարտութենէն ետք, Չեքոսլովաքիա կ'անցնի Խորհրդային Միութեան ազդեցութեան տակ եւ մուտք կը գործէ ընկերային ճամբար։ 1968-էն շրջանառութեան մէջ կը մտնէ Պրահեան գարուն արտայայտութիւնը, երբ 21 Օգոստոսի գիշերը Վարշավեան պայմանագիրի անդամ խորհրդային հինգ հանրապետութիւններու զօրքերը կը հատեն Չեքոսլովաքիոյ սահմանը՝ ազատական տրամադրուած բնակչութիւնը ճնշելու նպատակով։ Փողոց կ'ելլեն շարքային քաղաքացիները։ Դիմադրութիւնը կը տեւէ ընդամէնը երկու օր, ապստամբութիւնը կը ճնշուի։ 1989 -ին Չեքոսլովաքիա Թաւշեայ յեղափոխութեան հետեւանքով կը շեղի զարգացման ընկերվարական ուղիէն։ 1 Յունուար 1993-ին երկիրը խաղաղ ձեւով կը բաժանուի երկու մասի՝ յառաջացնելով անկախ Չեխոյի եւ Սլովաքիոյ պետութիւններ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  翻译: