Jump to content

Կեղծմաշկ

Կեղծմաշկով վարակուած երեխայ մը

Կեղծմաշկը (անգլերէն՝ diphteria) վարակիչ, լուրջ եւ մտահոգիչ հիւանդութիւն մըն է: Անիկա նաեւ կը կոչուի Քլեպս-Լոֆլեր պասիլըս (Klebs-Loffler bacillus), որովհետեւ գտնուած է 1884-ին գերմանացի մանրէագէտներ Էտուին Քլեպսի եւ Ֆրիտրիխ Լոֆլերի կողմէ:

Կեղծմաշկը համատարած հիւանդութիւն մըն է, եւ ան կը յայտնուի ընդհանրապէս 2-8 տարեկան երեխաներուն մօտ` առանց սեռի խտրութեան:

Կեղծմաշկի յարուցիչը Գորինեպաքթիրիւմ տիֆթերի մանրէն է (Corynebacterium diphtheriae): Այս մանրէները մուտք կը գործեն վերին շնչառական համակարգի խողովակներէն ներս եւ կը կպչին անոնց խլնաթաղանթին ու կ՛արտադրեն յատուկ թունաւոր նիւթ (toxin) մը, որ կ'առաջացնէ կեղծմաշկի նախնական ախտանշանները: Թունաւոր նիւթը կը հիւծէ շնչառական խողովակներու խլնաթաղանթը եւ 2-3 օրուան ընթացքին ըմբանին, խռչափողին, նշիկներուն, կոկորդին եւ քիթին առողջ խլնաթաղանթին վրայ կը յայտնուի հաստ, ճերմակ-մոխրագոյն ծածկոյթ-թաղանթ մը (coating-membrane): Այս ծածկոյթը կը կոչուի կեղծթաղանթ (pseudomembrane): Այս փուլին կը սկսին կեղծմաշկի իսկական ախտանշանները, որոնց պատճառով հիւանդը կը մատնուի ձայնի խռպոտութեան, շնչահեղձութեան եւ շնչադադարի (respiratory arrest):

Կեղծմաշկի թունաւոր նիւթը կրնայ մտնել արեան շրջագայութեան մէջ եւ յառաջացնել զանազան տեսակի հիւանդութիւններ` սրտամկանաբորբ (myocarditis), բազմաջղատապ (polyneuropathy), երիկամներու բորբոքում եւ թոքատապ:

Փոխանցման եւ յայտման ձեւեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փոխանցման ձեւեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս հիւանդութիւնը կը փոխանցուի երկու ձեւերով.-

  • Ուղղակի ձեւով` մարդէ մարդ, այսինքն` վարակուած հիւանդին շնչառական խողովակներէն արտահանուած կեղծմաշկի մանրէներով յագեցած օդով եւ խլնաթաղանթային հեղուկի միջոցով, որ կը պատահի հազի եւ փռնգտուքի միջոցին:
  • Անուղղակի ձեւով. առողջ անձ մը կը վարակուի կեղծմաշկով, երբ կը դպչի վարակուած հիւանդին իրեղէններուն, սպասներուն եւ հագուստին:

Կեղծմաշկը կը յայտնուի երկու ձեւերով.-

  • Շնչառական խողովակներու վարակումով, որ ամէնէն ընդհանրացած ձեւն է:
  • Մորթի վարակումով, որ հազուադէպ է:

Ախտաճանաչում եւ դարմանում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կեղծմաշկի ախտաճանաչումը կը կատարուի` հիմնուելով հիւանդին ախտանշաններուն եւ բժշկական քննութեան արդիւնքներուն վրայ ու փաստարկելով կեղծմաշկի յարուցիչ մանրէին ներկայութիւնը կոկորդի խլնաթաղանթի քսուկի (swab) ախտաբանական քննութեան վրայ:

Նախնական նշաններն են մարմնական ընդհանուր տկարութիւն, անտրամադրութիւն, կոկորդացաւ եւ մեղմ ջերմութիւն:

Կեղծմաշկի իսկական աշխտանշաններն են բարձր ջերմութիւն, խեղդող հազ, սուր կոկորդացաւ եւ կլլելու դժուարութիւն, վիզի աւշագեղձերու ծաւալում, շնչառական խողովակներու ջրուռեցք (edema), նեղացում եւ խցում:

Կեղծմաշկի դարմանումը կը կատարուի յատուկ հակամանրէական դեղերով, որոնք կը սպաննեն կեղծմաշկի մանրէները մարմնին մէջ: Դարմանումը պէտք է սկսի շուտով` ստանալէ ետք ախտաբանական քննութեան արդիւնքը: Սակայն յաճախ սուր շնչահեղձութեան պարագային  դարմանումը կը սկսի կոկորդի քսուկի ախտաբանական քննութեան արդիւնքը ունենալէ առաջ: Հոս հիւանդանոցային խնամքը խիստ կարեւոր կը դառնայ եւ պարտաւորիչ: Ի պահանջել հարկին մեղմացնելու համար հիւանդին շնչահեղձութիւնը` կը կատարուի խռչափողածակում (tracheostomy), որուն միջոցով թոքերը կը շնչաւորուին, եւ  կարելի կ՛ըլլայ թթուածին ներմուծել անոնց: Այս բոլորին հետ միատեղ հիւանդին կը տրուի հակաթունանիւթ (antitoxin), որ կը  կասեցնէ թունաւոր նիւթի ազդեցութիւնը:

Հակամանրէական դեղերու գործածութենէն 48 ժամ ետք հիւանդը վարակիչ ըլլալէ կը դադրի:

Դարմանումը պէտք է ըլլայ կատարեալ եւ ամբողջական, որմէ ետք կոկորդի քսուկի ախտաբանական քննութիւնը դարձեալ կը կատարուի փաստելու համար կեշծմաշկի մանրէներու ամբողջական չէզոքացումը:

Կեղծմաշկի դարմանումէն ետք հիւանդներէն ոմանք կրնան դառնալ մանրէակիր (bacterium carrier), այսինք անոնք կատարեալ ապաքինումէն ետք կը շարունակեն ունենալ կեղծմաշկի մանրէներ իրենց մարմնին մէջ: Այս մանրէակիր անհատները կրնան կեղծմաշկի մանրէները տարածել իրենց շրջապատին մէջ եւ պատճառ դառնալ կեղծմաշկի պարագաներու յայտնաբերման:

Վարակուած անձին մօտ գտնուող առողջ անձեր պէտք է ենթարկուին բժշկական քննութեան եւ ունենան կոկորդի քսուկի ախտաբանական քննութիւն:

Յանձնարարելի է, որ վարակուած անհատը մեկուսացուի` չվարակելու համար իր շուրջը գտնուող առողջ անձերը: Ան հեռու մնալու է առողջ, անձերէ մանաւանդ` երեխաներէ: Իսկ ապաքինումէն ետք անոր գործածած իրերը, հագուստները եւ սպասները պէտք է ապանեխել: Առողջ անհատներ չվարակուելու համար հեռու պէտք է մնան վարակուած հիւանդներէն եւ պէտք չէ օգտագործեն անոնց իրեղէնները: Շատ կարեւոր է կանխազգուշական միջոցներու դիմել` պայքարելու համար այս հիւանդութեան դէմ: Կեշծամաշկի մէկ պարագայ կրնայ պատճառ դառնալ համաճարակի ստեղծման:

Կանխարգիլման ձեւեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կեղծմաշկը կանխարգիլելի հիւանդութիւն մըն է:  Այս մէկը կարելի է պարզապէս պատուաստելով մանուկները կանուխէն կեղծմաշկի պատուաստով: Կեղծմաշկի պատուաստը կը գործածուի պրկախտի (tetanus) եւ խեղդահազի (whooping cough) պատուաստներուն հետ` որպէս եռեակ պատուաստ: Մանուկներուն կը տրուի հինգ պատուաստներ: Առաջին  երեք պատուաստումները  կը կատարուին, երբ մանուկը 2, 4 եւ 6 ամսու է: Չորրորդ եւ հինգերորդ պատուաստումները կը կատարուին, երբ մանուկը 4 եւ 6 տարեկան է: 7 տարեկանէն վեր պատանիներուն կը տրուի մէկ պատուաստ` 11 կամ 12 տարեկանին:

Կեղծմաշկի պատուաստը անվնաս է եւ ապահով: Ընդհանրապէս ոչ մէկ բարդութիւն կը պատահի պատուաստումէն ետք:

Պատուաստը կրկնուելու է ամէն տասը տարին մէյ մը, որովհետեւ պատուաստին ուժականութիւնը կը նուազի, եւ հիւանդին դիմադրողականութիւնը կը տկարանայ:[1]

Կեղծմաշկը Հայաստանի մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2007-էն ի վեր, Հայաստանի մէջ կեղծմաշկով վարակուող պարագայ չէ արձանագրուած:[2]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Կեղծմաշկ-Diphtheria»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2020-02-27։ արտագրուած է՝ 2020-08-02 
  2. «It hurts, but it works!»։ www.unicef.org (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-01-27-ին։ արտագրուած է՝ 2020-08-02 
  翻译: