Jump to content

Համաշխարհային ժառանգութիւն

«Համաշխարհային ժառանգութիւն» նախագծի խորհրդանշանը
Թիվ #86: Գիզայի բուրգերը (Եգիպտոս)
Էջմիածին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը (Հայաստան)
Թիվ #174: Ֆլորենցիայի պատմական կեդրոնը (Իտալիա)
Թիվ #307: Ազատութեան արձան (ԱՄՆ)
Թիվ #483: Չիչեն Իցան Յուկատանի մէջ (Մեքսիքա)
Թիվ #540: Սանթ-Պետերբուրգի պատմական կենտրոնը (Ռուսաստան)
Թիվ #592: Բորոբուդուրը Կեդրոնական Ճավայի մէջ (Ինտոնեզիա)

Համաշխարհային ժառանգութիւն (անգլերէն՝ World Heritage, ֆրանսերէն՝ Patrimoine Mondial), բնական եւ մարդու ձեռքերով ստեղծած մշակութային արժէքներն են, որոնք կը պաշտպանուին եւ կը ժողովրդականացուին իրենց իւրայատուկ պատմական կամ կենսոլորտագիտական նշանակութեան համար։

Կազմակերպութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1972 թուականին ՄԱԿԳՄԿ-ը ԵՈՒՆԵՍՔՕ ընդունած է «Համաշխարհային մշակութային եւ բնական ժառանգութեան պաշտպանման միութիւն» (ուժի մեջ մտած է 1975 թուականին)։ ԽՍՀՄ-ը վաւերացուցած է միութիւնը 1988 թուականի մարտի 9-ին։ Մինչեւ 2009 թուականի Ապրիլին միութիւնը վաւերացուցած են 186 երկրներ։

Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկի ամէնակարեւոր նպատակն է պահպանել եւ յայտնի դարձնել իւրայատուկ վայրերը եւ անկողմնակալութեան համար կազմուած են գնահատման չափանիշներ։

1978 թուականի սկիզբը եղեր են միայն մշակութային ժառանգութեան վայրերու չափանիշներ եւ այդ ցանկը ունեցած է վեց կէտ։ Իսկ յետոյ, մայրացամաքներու հաւասարակշռութիւնը պահպանելու համար, բոլոր չափանիշները միացուցած են եւ այսօր համաշխարհային ժառանգութեան վայրը պիտի ունենայ գոնէ մէկ չափանիշ ստորեւ թուարկածէն[1].

Մշակութային չափանիշներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • I. Այն, որ կը ներկայացնէ մարդկային ստեղծագործական գլուխգործոց։
  • II. Այն, որ կը վկայէ մարդկային արժէքներու տուեալ ժամանակահատուածին մէջ կամ որոշ մշակութային բնագաւառի, ճարտարապետութեան, գիտարուեստի եւ կամ ճարտարագիտութեան, յիշատակերտային արուեստի մէջ, քաղաքներ նախագծելու կամ բնավայրերու, դաշտավայրերու ստեղծման փոխադարձ ազդեցութեան մասին։
  • III. Այն, որ եզակի է կամ առնուազն բացառիկ՝ մշակութային աւանդոյթի կամ քաղաքակրթութեան համար, որ գոյութիւն ունի մինչեւ այսօր կամ արդէն անհետացեր է։
  • IV. Այն, որ կառուցումի, ճարտարապետական, գիտարուեստական եւ կամ ճարտարագիտական համոյթի կամ բնավայրի ակնառու օրինակ է, որ կը ներկայացնէ մարդկային պատմութեան զգալի մաս։
  • V. Այն, որ մարդկային աւանդական կառուցման ակնառու օրինակ է, հողի եւ ծովի աւանդական օգտագործումով, ըլլալով մշակոյթի (կամ մշակոյթներու) կամ շրջապատող միջավայրի հետ մարդկային փոխյարաբերութիւններու օրինակ, յատկապէս եթէ բնութիւնը դարձեր է խոցելի ու անշրջելի փոփոխութիւններու ուժեղ ազդեցութեան պատճառով։
  • VI. Այն, որ ուղղակիօրէն կամ մասամբ կապուած է իրադարձութիւններու կամ գոյութիւն ունեցող աւանդոյթներու, գաղափարներու, համոզումներու հետ եւ ունի համամարդկային նշանակութիւն։ (Ըստ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կոմիտԷի կարծիքին, այս չափանիշը նախընտրելի է օգտագործել մէկ այլ չափանիշի կամ չափանիշներու հետ։)

Բնածին չափանիշներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • VII. Այն, որ բնական բներեւոյթ մըն է կամ գեղագիտական նշանակութիւն եւ բացառիկ բնական գեղեցկութեան տարածութիւն։
  • VIII. Այն, որ հիանալի օրինակ է երկրի պատմութեան գլխաւոր փուլերու, ներառեալ կեանքի արձանագրութիւնը, հողերու ձեւաւորման եւ զարգացման փուլին մէջ շարունակական նշանակութիւն ունեցող երկրաբանական գործընթացները կամ նշանակալի երկրամորֆիքական կամ բնակրաֆիքական առանձնայատկութիւնները։
  • IX. Այն, որ բացառիկ նմուշ է՝ շարունակուող կենսոլորտագիտական եւ կենսաբանական գործընթացները երկրային, քաղցրահամ ջուրերու, ծովային ու ծովային կենսոլորտային համակարգերու եւ բուսական ու կենդանական համայնքներու զարգացման մէջ բացառիկ նմուշ:
  • X. Այն, որ կը ներառէ ամէնէն կարեւոր կամ նշանաւոր բնական միջավայրերը, պահպանելու տուեալ միջավայրի կենսաբանական բազմազանութիւնը, ներառեալ այն վտանգուած տեսակները, որոնք բացառիկ համաշխարհային գիտական արժէքներ են միջավայրի պահպանման տեսանկիւնէն։

Հետեւեալ աղիւսակը կը բովանդակէ Համաշխարհային ժառանգութեան վայրերը աշխարհագրական դասակարգման առումով՝[2]

Շրջան Բնական Մշակութային Խառը Ընդհանուր
Ափրիկէ 33 42 3 78
Արաբական երկիրներ 4 60 1 65
Ասիա-Խաղաղովկիանոսային 48 129 9 186[3]
Եւրոպա, ԱՄՆ, եւ Գանատա 56 375 9 440
Լատին Ամերիկա եւ Քարիպներ 35 83 3 121
Ընդհանուր 176 689 25 890

Արտաքին հղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Չափանիշներու ցանկը պաշտօնական կայքին մէջ (անգլերէն)
  2. Stats
  3. Ուբսու Նուր ջրավազանը կը գտնուի Ռուսաստանի և Մոնղոլիայի սահմանին և կը մնայ Ասիա-Խաղաղ ովկիանոսային շրջան:

Կաղապար:Համաշխարհային ժառանգութեան վայրերու ցանկ

Կաղապար:Օրուայ յօդուած նախագիծի մասնակից

  翻译: